2013-08-13 12:24:48

100-ամեակի Կեդրոնական Մարմինի Նիստը` Զմմառու Վանքին Մէջ


Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը իր հերթական նիստը գումարեց Զմմառու վանքին` ցեղասպանութեան նահատակ երանելի Մալոյեանի անուան թանգարանին մէջ, ներկայութեամբ վանքի մեծաւոր գերապայծառ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի:
Մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան զեկուցեց 100-ամեակի աշխատանքներուն մասին, որմէ ետք գերապայծառ Մուրատեան անդրադարձաւ Զմմառու վանքի արխիւային բաժանմունքի կարեւորութեան եւ անոր կապուած ծրագիրներուն:
Զմմառի ձեռագրային եւ արխիւային բաժանմունքը յայտնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Մաշտոցի անուան մատենադարանի գիտաշխատող խումբի ուշադրութեան կեդրոնը: Արդարեւ, ներկայիս Հայաստանէն եօթը արխիւագէտ գիտաշխատողներ կ՛ուսումնասիրեն եւ կը դասաւորեն Զմմառու արխիւները:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան յառաջիկայ տարի Զմմառու վանքին մէջ ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւներու ներկայացման եւ գիտական զեկուցումներու կազմակերպման հնարաւորութիւններուն վրայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.